2016-05-02 10:54:00

Սուրիա. Տէ Միսթուրա` ''Երախտապարտ ենք Ֆրանչիսկոս Պապին''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Երախտապարտ ենք Ֆրանչիսկոս Պապին յղած պատգամին, որ կ՛ամրապնդէ ՄԱԿ-ի կոչը  ի սպաս Սուրիոյ մէջ հրատապ հրադադարի հաստատումին'' ըսած է Միացեալ Ազգերու Սուրիոյ համար յատուկ  յանձնակատար Սթաֆան Տէ Միսթուրա մեկնաբանելով Քահանայապետին խօսքերը­, զոր արտասանեց Կիրակօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, հրաւիրելով կողմերը դադրեցնելու բռնութիւնները ու դիմելու երկխօսութեան։

Տէ Միսթուրա ապա աւելցուց ''Քահանայապետի մտահոգութիւնը մեր մտահոգութիւնն է'' հաստատելով Հալէպի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակի գոյատեւումը ու այնտեղ շարունակուող հակամարտութիւնները որոնց հետեւանքով, որոշ տուեալներու համաձայն, վերջին 7 օրուայ պատերազմի ընթացքին, զոհուած են 250 քաղաքացիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.